2009-06-16 13:30:51

2009 Հայ երիտասարդի տարի` Հայ երիտասարդը եւ ներկայ աշխարհի մարտահրաւէրները։


2009 Հայ երիտասարդի տարի` Հայ երիտասարդը եւ ներկայ աշխարհի մարտահրաւէրները։



Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւնը վերջերս, ունեցաւ իր տարեկան համագումարը ՙԹռչնոց Բոյն՚ին մէջ, Ճիպէյլ: Համագումարին մասնակցեցան 25 համալսարանական հայ երիտասարդ երիտասարդուհիներ ընդհանուր թեմայ ունենալով՝ ՙՀայ երիտասարդը եւ ներկայ աշխարհի մարտահրաւէրները՚:



Օրուան դասախօսն էր Պրն. Վիգէն Աւագեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց նախ միջազգային բեմի վրայ երիտասարդութեան ունեցած դժուարութիւնները, ապա մասնաւորաբար լիբանանահայ կեանքէն ներս հայ երիտասարդութեան ունեցած դժուարութիւնները՝ զանազան մարզերէ ներս: Դասախօսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ քննարկում, որու ընթացքին ՀԵՀՈՄ-ականներ իրենց տեսակէտները արտայայտեցին իրենց երիտասարդական անմիջական միջավայրին մասին, եւ այս գծով լուծումներ առաջարկեցին:

Համագումարի աւարտին խօսք առնելով, հոգեւոր խորհրդատու Մեսրոպ Աբղ. Սարգիսեան, քաջալերական խօսքերով անոնց խօսեցաւ երիտասարդութեան կարեւոր ներկայութեան մասին եկեղեցական եւ ազգային կեանքէն ներս, զիրենք նկատելով ազգին ապագայ ղեկավարները:








All the contents on this site are copyrighted ©.